Արեւելումի հարցը իր կարգին, բայց աւելի քան պարզ է, որ Սուրիան չի պատրաստուիր խիզախ քայլերու երթալ ու Արեւմուտքին հետ խօսիլ այն պահուն, երբ իր երէց «եղբայր»ը՝ Իրանը կը փորձէ գաղտնի գործարք մը ապահովել ԱՄՆ-ի հետ, իսկ «խորթ հայր» համարուող Ռուսաստանը յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը առջեւ։
Յաճախ անդրադարձ կը կատարուի Սուրիոյ օրհասական պատերազմին մասին։ Քաղաքներ գետնի հաւասար դարձան, շէներ կրակի տրուեցան եւ վերջին առնուազն յիսուն տարիներու ընթացքին այդ պատերազմը համարուեցաւ ամենասաստիկն ու ամենաարիւնալին։
Վաղ 1970-ականներէն ի վեր դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով ոտքի կանգնած այդ երկիրը անցաւ զարգացման զանազան փուլերէ։ Իշխանութեան գլուխ եկած Հաֆէզ Էսատ կարողացաւ իր քաղաքական մօտեցումները վերածել ապրուած առօրեայի ու այդպէսով ալ կառուցել՝ տնտեսական-անվտանգութեան կայմերու վրայ հաստատուն հիմք նետած պետական ուժեղ համակարգ։
Էսատ իր ընկալումներու ճամբով դաշնակիցը եղաւ Խորհրդային Միութեան, սակայն աւելի ուշ հասաւ փլուզման սեմին։ Էսատ կարողացաւ նաեւ լեզու գտնել արեւմտեան աշխարհին ու յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ։ ԱՄՆ, որ մեծապէս կարեւորած էր Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դերն ու դիրքը, լաւապէս հասկցաւ, որ պարտաւոր է Էսատի հետ հաշուի նստելու ու կարեւոր փուլերուն ծաղկեցնելու համագործակցութիւն։ Հարկ է անպայման հաշուի առնել, որ Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով Սուրիան դարձաւ հեղինակաւոր երկիր ու զանազան ճգնաժամային պահերուն ալ այդ երկիրը կարողացաւ Արեւելք-Արեւմուտք մեծ բախումներու ժամանակ դառնալ հասարակ յայտարար մը ստեղծող կազմակերպուած տէրութիւն։ Այդ փուլին էր, որ ամէն օր աւելիով կը սաստկանար Արաբ-Իսրայէլ հակամարտութիւնը, որուն առընթեր ալ Էսատ դարձաւ խաղի կանոնները պահող ու պահպանող մեծ խաղացող մը։ Սէուտական Արաբիա, Իրաք, Յորդանան եւ յատկապէս՝ Լիբանան դարձան Սուրիոյ մեծ քաղաքականութեան համար կարեւոր ոստաններ ու այդ երկիրներուն մէջ ալ Դամասկոս շարունակեց հանդէս գալ իր հասարակ յայտարար ստեղծողի, կողմերը ի մի բերողի դերով։ Եղան, անշուշտ, տարբեր մակարդակի ընդհարումներ, բայց միջուկը մնաց նոյնը եւ ԱՄՆ-ի «Պաղեստինեան խնդիր»ը լուծելու միտուած ճիգերը հանդիպեցան Սուրիոյ յառաջ քշած խաղին ու ձեւաչափերուն ու այդ հիմքով ալ Դամասկոս բռնեց զարգացումի եւ մեծ ճարտարարուեստ ունենալու ճանապարհը։
Իսրայէլի հանդէպ արաբականութեան դրօշ պարզած Հաֆէզ Էսատի քաղաքականութիւնը խորթ աչքով սկսաւ դիտուիլ մասնաւորապէս Արեւմուտքին կողմէ, ապա զանազան պայմանաւորուածութիւններու հիմքով Սուրիան համարուեցաւ Արեւմուտքի թշնամի եւ Իրանի սերտ բարեկամ ու դաշնակից։
Սուրիոյ ներկայ նախագահ Պեշար Էսատ, որ փորձեց շարունակել իր հօր քաղաքական գիծը, բախեցաւ մեծ խնդիրներու։ Արեւմտեան աշխարհը Իրանը կը համարէր թշնամի ու այդ հիմքով ալ որդի Էսատէն կը պահանջէր ամէն գնով հեռանալ Իրանէն։ Ու այդ պահանջներու մերժումով, տարածաշրջանային կարգ մը խաղացողներու միջամտութեամբ եւ «օրհնութեամբ» Սուրիան մտաւ փակուղի մը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի…
Այժմ նոր իրադրութիւն մը կը տիրէ Սուրիոյ մէջ ո՛չ միայն այն պատճառով, որ Արեւմուտքի հին-նոր երազը կերպով մը անէացած է, այլեւ Սուրիոյ մէջ աւելցած են բազմաթիւ խաղացողներ, որոնք ռազմական ներկայութիւն ըլլալէ անդին՝ ունին նաեւ քաղաքական զանազան ծրագիրներ։ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի, ծայրայեղ կրօնամոլ խմբաւորումներու, Թուրքիոյ, քիւրտ զինեալ խմբաւորումներու ու տակաւին Իրանի եւ «Հիզպուլլահ»ի ներկայութիւնը խաղը կը դարձնեն դժուար, բաւական լեցուն ականդաշտի մը կը վերածեն Սուրիոյ թնճուկը։ Անշուշտ, Սուրիոյ խնդրի լուծման հիմքը պէտք է համարել այդ երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, որուն մասին կայ միջազգային համաձայնութիւն մը։ Եւ, սակայն, կան նաեւ մեծ ու փոքր, յաճախ խրթին ու անպատասխան հարցադրումներ, որոնք կը հնչեն ամէն տեղէ եւ աւելիով կը բարդացնեն ստեղծուած համայնապատկերը։
Այս բոլորի կողքին, մեծ հարցումներու խուրձ մըն ալ կ՚աւելնայ, երբ ցարդ անհասկնալի համարուած քայլով մը արաբական ազդեցիկ տէրութիւններ Ճիտտէ հրաւիրեցին Պեշար Էսատը եւ զինք ընդունեցին ամենաբարձր մակարդակով։ Արդեօք ի՞նչ համարձակութեամբ եւ մասնաւորապէս սէուտցիք իրենց դռները կը բանային Էսատի առջեւ, մինչ Արեւմուտքը՝ գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի, Էսատը կը շարունակէ համարել թշնամի եւ յանցագործ։
Ճիտտէի գագաթէն ետք, արաբական տէրութիւններ հերթաբար կը փութային Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանատուները վերաբանալու քայլին՝ արար աշխարհին ցոյց տալով, որ իրենք կը շարժին Էսատի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ճանապարհով։ Այս համայնապատկերին վրայ ընթացք կ՚առնէր Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ճիգերու ենթաշրջան մը, որու առաջին փուլը տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Տակաւին կը սպասուէր Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ առաջին դէմքերու հանդիպման, բայց զանազան հանգամանքներ, ամենակարեւորը՝ Թուրքիոյ ընտրութիւնները կը յետաձգէին ընթացք առած գործընթացները։
Այս բոլորի լոյսին ներքեւ հարց կը ծագի, թէ մինչեւ ե՞րբ Սուրիան պիտի շարունակէ մնալ պատժամիջոցներու տակ. բան մը, որ հարուածած է այդ երկրի վիրաւոր տնտեսութեան ու զայն հասցուցած է ամբողջական փլուզման եզրին։
Սուրիոյ տագնապը, որուն մէջ կան ճանապարհներու, նաւթի հաշիւներու, միջպետական ուղիներու մեծ ու փոքր շեշտադրումներ, այսօր մտած է բոլորովին նոր փուլ։ Այդ փուլը այլ հանգամանքներու կողքին պայմանաւորուած է նաեւ Ուքրայնայի տագնապով, անկէ բխող հետեւանքներով ու ամենակարեւորը՝ այն հարցադրումով, թէ ինչպիսի՞ աւարտ մը պիտի ունենայ այդ ահաւոր պատերազմը, ինչպէս նաեւ ինչ դիրքերու վրայ պիտի յայտնուին Ուքրայնան, բայց մանաւանդ Ռուսաստանը։
Արեւելումի հարցը իր կարգին, բայց աւելի քան պարզ է, որ Սուրիան չի պատրաստուիր խիզախ քայլերու երթալ ու Արեւմուտքին հետ խօսիլ այն պահուն, երբ իր երէց «եղբայր»ը՝ Իրանը կը փորձէ գաղտնի գործարք մը ապահովել ԱՄՆ-ի հետ, իսկ «խորթ հայր» համարուող Ռուսաստանը յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը առջեւ։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս