image

Երդում կատարելէ ետք Ռոպերթ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեան դարձաւ պատգամաւոր

Երդում կատարելէ ետք Ռոպերթ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեան դարձաւ պատգամաւոր

Այսօր Ազգային Ժողովի հերթական նիստին ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեանը երդում կատարեց եւ դարձաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր:

Նշենք, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշմամբ՝ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» դաշինքի մանթատը տրուեցաւ հերթական յաջորդ թեկնածու Լեւոն Ռոպերթի Քոչարեանին:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Չարչեանը Ազգային Ժողովի նախագահին ներկայացուցած էր մանթատէն հրաժարելու դիմում։

«Հայաստան» դաշինքի համամասնական ցուցակին մէջ ընդգրկուած հերթական յաջորդ թեկնածուները՝ Միհրան Թոմի Մադաթեանը, Անժելա Սեդրակի Նալպանտեանը, Գերասիմ Աւետիկի Վարդանեանը ինքնաբացարկի դիմումներ ներկայացուցած էին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով։