Անթալիոյ մէջ Ասիական խորհրդարանական վեհաժողովի (ԱՊԱ) ծիրէն ներս հանդիպած են Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու նախագահները։
Ըստ Mehr-ի՝ երեք երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու եռակողմ հանդիպումը նպատակաուղղուած էր տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութիւններու զարգացման, խորացման ու խթանման, տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման։ Կողմերը տարածաշրջանային կարեւոր հարցեր քննարկած են։
Բացի այդ, Իրանի խորհրդարանի նախագահը հանդիպումներ ունեցած է Թուրքմենստանի խորհրդարանի նախագահի եւ Իրաքի խորհրդարանի փոխնախագահի հետ։