Եւրոմիութիւնը լիովին կ'աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու հաղորդակցութիւններու բացման, որ կարեւոր նպատակ է տարածաշրջանի մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար: Այս մասին յայտնած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը` պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչ սպասելիքներ ունի Եւրոմիութիւնը Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններէն:
«Մենք նաեւ կ'աջակինք Երեւանի եւ Սթամպուլի միջեւ թռիչքներու սպասուող վերսկսման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնատարներուն միջեւ բարձր մակարդակի շփումներուն ինչպէս այսպէս կոչուած «3+3» հարթակին մէջ, այնպէս ալ` հնարաւոր այլ շփումները Անթալիոյ Դիւանագիտական համաժողովին», շեշտած է Քլաարը:
ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը տեղեկացուց, որ Յունուար 21-ին Երեւան կատարած այցի ընթացքին ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին «այս հարցերուն վերաբերեալ միտքերու շատ հետաքրքրական փոխանակում տեղի ունեցած է»:
«Ինծի կը թուի, որ Ռուբէն Ռուբինեանի Դեկտեմբեր 14-ին Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ իր գործընկերոջ հետ ունեցած առաջին հանդիպումը բարձր գնահատուած է երկու կողմէն ալ: Եւրոմիութիւնը կ'ողջունէ այս ջանքերը ու պատրաստ է իր ներդրումն ունենալու հետագայ որեւէ դրական զարգացման մէջ, եթէ կողմերը համապատասխան հետաքրքրուածութիւն ցուցաբերեն:
Ինչպէս վերջերս Հայաստանի շարք մը պաշտօնեաների` ընդ որում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մակարդակով յայտարարուած է, մենք կ'ակնկալենք, որ այս գործընթացը կայունութիւն եւ բարգաւաճում կ'ապահովէ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար: Յոյս ունինք մօտ ապագայում այս ուղղութեամբ լրացուցիչ քայլեր տեսնել: Ես յոյս ունեմ, որ այդ կը յանգեցնէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու` երկար սպասուած հաստատման եւ հայ-թրքական սահմանի բացմանը», ընդգծեց Քլաար: