image

ԵՄ-ն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը խրախուսէ հնարաւորինս շուտ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը

ԵՄ-ն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը խրախուսէ հնարաւորինս շուտ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը

Եւրոմիութիւնը Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կը խրախուսէ հնարաւորինս շուտ ստորագրել եւ վաւերացնել խաղաղութեան համաձայնագիրը։

«Արմէնփրէս»-ի հարցման ի պատասխան՝ այս մասին ըսած է Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով մամուլի խօսնակ Անիթա Հիփըրը՝ անդրադառնալով 10 յուլիսին Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման։

«Եւրոմիութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ յուլիս 10-ին Ապու Տապիի մէջ կայացած հանդիպումը: ԵՄ-ն վճռականօրէն կ՚աջակցի երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Ինչպէս նշուած էր աւելի վաղ, մենք կ՚ողջունենք խաղաղութեան եւ միջպետական ​​յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը 2025 թուականի մարտին: Սա կարեւոր քայլ է տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հասնելու ուղղութեամբ։

Մենք կը խրախուսենք երկու կողմերն ալ հնարաւորինս շուտ ստորագրել եւ վաւերացնել խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը: ԵՄ-ն պատրաստ է տրամադրելու լրացուցիչ աջակցութիւն եւ փորձագիտական խորհրդատւութիւն, եթէ կողմերը այդ խնդրեն»,- նշած է Անիթա Հիփըրը։