image

Էջմիածնէն 6 մարդ բերման ենթարկուած է զէնք–զինամթերք պահելու կասկածանքով

Էջմիածնէն 6 մարդ բերման ենթարկուած է զէնք–զինամթերք պահելու կասկածանքով

Էջմիածնէն 6 մարդ բերման ենթարկուած է զէնք–զինամթերք պահելու կասկածանքով։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ՆԳՆ լրատուական ծառայութիւնը։

Նշենք, որ աւելի վաղ Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի աւագանիի «Էջմիածին» դաշինքի ղեկավար​ Սեւակ Խաչատրեանն իր դիմատետրեան էջին գրած էր, որ կը սպասուի Փաշինեանի այցը Էջմիածին։

«8:30-ին «Էջմիածին» դաշինքի անդամներով լինելու ենք էջմիածնի թիւ 7 հիմնական դպրոցի բակում, որպէսզի «սուրճի հրաւիրենք» ՔՊ-ի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանին»,–ըսուած էր նախապէս տարածուած յայտարարութեան մէջ։

«Էջմիածին» դաշինքի ղեկավարը նշած էր, որ իրենց ունեցած տեղեկութիւններով` այսօր 09:00 Փաշինեանը պիտի ըլլայ Էջմիածնի թիւ 7 հիմնական դպրոցին մէջ: