image

Էջմիածին-Ռուսաց եկեղեցի «յարաբերութիւն»ը լուսարձակի տակ

Էջմիածին-Ռուսաց եկեղեցի «յարաբերութիւն»ը լուսարձակի տակ

Մոսկուայի մէջ 13 Հոկտեմբերին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշիւքուր Փաշազատէի միջեւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքին միջնորդութեամբ  կայացած հանդիպումէն յետոյ կրօնական իրավիճակը Անդրկովկասի մէջ սկսած է փոխուիլ:

Այս մասին կը գրէ «Ռեկնում» գործակալութեան սիւնակագիրը՝ նշելով, որ հանդիպումէն օրեր անց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ սինոդոսը յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին Երեւանեան-հայաստանեան թեմի կազմաւորման մասին, որու ղեկավար նշանակուած է Մոսկովեան պատրիարքութեան արտաքին եկեղեցական կապերու բաժնի փոխնախագահ Լէոնիտ արքեպիսկոպոսը: Վերջինս յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսական ուղղափառ տաճարով եկեղեցական համալիր կառուցելու մտադրութեան մասին: Անոր խօսքով՝ Մոսկովեան պատրիարքութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ «հիանալի, հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ կը ձեւաւորուին»:

Գործակալութիւնը կը նշէ, որ այս լուրը քննադատութիւններու առիթ տուած է Հայաստանի մէջ հակառուսական ուժերու շրջանակին մէջ: Մասնաւորապէս, կը մէջբերուի Lragir.am կայքին մէջ տեղ գտած արձագանգը, որուն համաձայն՝ «Մոսկուան կ'ընդլայնէ պատերազմին ճակատը՝ արագացնելով ռուսականացման գործընթացը. Ռուսաստանի յատուկ ծառայութիւններու ստորաբաժանումներու միջոցով մարզերnւն մէջ կ'ուսումնասիրուի ռուսական դպրոցներ բանալու պահանջը, որու նկատմամբ Հայաստանի ղեկավարութիւնը հետաքրքրուածութիւն դրսեւորած է»:

«Ղարաբաղյան երկրորդ պատերազմի աւարտէն մէկ տարի անց Անդրկովկասի մէջ կրկին ամէն ինչ շարժման մէջ է: Սակայն, եթէ արագ եւ կտրուկ քաղաքական փոփոխութիւնները վաղուց արդէն սորված են, եւ անոնք չեն զարմացներ, ապա եկեղեցական ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող տեղաշարժերը կարելի է աննախադէպ անուանել: Եւ միայն Ռուսական եկեղեցին չէ, որ կը մեծցնէ ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Հոկտեմբերի սկիզբը Վատիկան այցելած էր ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Երկրին ղեկավարը յայտնած էր, որ ուրախ է, որ «յառաջիկային Հայաստան պիտի այցելէ Վատիկանի պատուիրակութիւնը, եւ ուրախ պիտի ըլլանք ողջունելու Սուրբ Աթոռի առաքելական նունցիաթուրայի բացումը Երեւանի մէջ»», կը նկատէ յօդուածագիրը՝ յաւելելով, որ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ֆիզիքական ներկայութիւն Հայաստան չէ եղած 1992-էն ի վեր, երբ հռչակագրով նունցիաթուրաներ հաստատուած էին երեք անդրկովկասեան երկրի մէջ՝ նստավայր ընտրելով Թիֆլիսը:

«Այդ իսկ պատճառով, ուսումնասիրելով Մոսկովեան պատրիարքութեան եւ Վատիկանի այս կամ այլ քայլերը Հայաստանի մէջ՝ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել անոնց պատմական ներկայութեան Անդրկովկասի մէջ: Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ պարագային հիմք չկայ կարծելու, թէ այն աշխուժութիւն պիտի դրսեւորէ Հայաստանի տարածքին: Իսկ այդ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը ցուցաբերէ, ինչի մասին ալ խօսուած է Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ժամանակ», կը յաւելէ հեղինակը:

«Հասկնալի է, որ Մոսկովեան պատրիարքութիւնը չի պատրաստուիր հայերը ուղղափառութեան դաւանափոխել, չէ որ մինչ այս պահը որեւէ Հայ ուղղափառ եկեղեցի չէ եղած, թէեւ կայ Հայ կաթողիկէ եկեղեցի: Այնպէս որ այս առումով Էջմիածինը Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիէն վախնալու հիմք չունի: Վիճելի կը մնայ հարցը, թէ որ թեմին պիտի պատկանին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հնարաւոր ուղղափառ տաճարները: Անոնք կրնային պաշտօնապէս տրուիլ Պաքուի թեմին, սակայն դատելով այն հանգամանքէն, որ Մոսկովեան պատրիարքութիւնն ու Հայ Առաքելական եկեղեցին պայմանաւորուա են Երեւանեան-հայաստանեան թեմի ստեղծման մասին, չի բացառուիր, որ այդ իշխող դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ուղղափառներու համար», կ'եզրափակէ յօդուածագիրը: