ԱՄԷ- («Ալ Հայաթ», «Արեւելք») Եէմէնի մէջ սպաննուած 45 զինուորներու դիակները երէկ Ապու Տհապիի Ալ Պաթին օդակայանը հասան: Նշենք, որ զինուորները սպաննուած էին հուսիներուն կողմէ կատարուած գրոհին հետեւանքով մայրաքաղաք Սանհայէն 250 քիլո մեթր արեւելք գտնուող Մաարէպի Սաֆէր աւանին մէջ: Հուսիները ռուսական «Թոչքա» տիպի հրթիռ մը արձակած էինի արաբական դաշնակից ուժերուն պատկանող զօրակայանի մը վրայ, որուն հետեւանքով սպաննուած էին 106 զինուորներ: Իմարաթցի զինուորներէն բացի զոհուած էին նաեւ սէուտցի եւ պահրէյնցի զինուորներ: