Աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք գտնուող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեան 24 սեպտեմբերին հանդիպած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցումով, հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերուն, այդ ուղղութեամբ միջազգային նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ:
Նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնած է, որ սուրիական տագնապի լուծման շուրջ վերջերս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները յարգուին եւ իրականացուին, ինչ որ ճամբայ կը հարթէ տագնապի խաղաղ լուծման համապարփակ բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան համար: