Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու մաքսային ծառայութիւններու ներկայացուցիչները 19 որոշում ստորագրած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Քազան քաղաքին մէջ, ուր կայացած է նիստ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի մամուլի ծառայութիւնը։
«Որոշումները վերաբերում են մաքսային գործի տարբեր բնագաւառներին, մասնաւորապէս` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու (ԵԱՏՄ) արտաքին տնտեսական գործունէութեան ապրանքային անուանացանկին համապատասխան որոշակի ապրանքների դասակարգման առանձնայատկութիւններին, մաքսային արժէքի մակարդակի հսկողութեան ենթակայ ապրանքների ցանկի լրացմանը, մաքսային տարանցման ժամկէտներին, 2024-2026թթ․ իրաւապահ ոլորտում ԵԱՏՄ անդամ պետութիւնների մաքսային մարմինների միջոցառումների ցանկի հաստատմանը եւ մի շարք այլ հարցերի»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ներկայացուած են նաեւ վտանգներու կառավարման ոլորտին մէջ աշխատանքներու համակարգման կազմակերպման եւ դրական փորձի, ինչպէս նաեւ յետբացթողումային հսկողութեան կիրառման եւ զարգացման աշխատանքային խումբի իրականացուցած աշխատանքներու արդիւնքները։
Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու (ԵԱՏՄ) մաքսային ծառայութիւններու միաւորուած խորհուրդի 44-րդ նիստին մասնակցած են Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի մաքսային ծառայութիւններու պատուիրակութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը:
Որոշում կայացուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու մաքսային ծառայութիւններու միաւորուած խորհուրդի յաջորդ նիստը կայացնել 2024 թուականի առաջին եռամսեակին Պելառուսիոյ Հանրապետութեան մէջ: