image

ԵԱՏՄ-ի տարածքին պարէնային անվտանգութիւնը ապահովուած է. Ռուս պատասխանատու

ԵԱՏՄ-ի տարածքին պարէնային անվտանգութիւնը ապահովուած է. Ռուս պատասխանատու

Ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենան Արեւմուտքի հաքառուսական պատժամիջոցները Ռուսաստանի եւ ամբողջ ԵԱՏՄ տարածքին վրայ: Ինչպէ՞ս պտիի արձագանգէ Եւրասիական միութիւնը սահմանափակումներուն, ի՞նչ հակաճգնաժամային ծրագրեր կը մշակուին ԵԱՏՄ երկիրներու հետ: Այս եւ այլ հարցերուն պատասխանած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի համալրման եւ մաքրոտնտեսութեան հարցերով նախարար Սերկէյ Կլազեւը:

Ան վստահեցուցած է, որ ԵԱՏՄ տարածքին մէջ պարէնային անվտանգութեան խնդիր պիտի ռառաջանայ: Իսկ ընդհանրապէս Կլազեւի համոզմամբ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ նոր դարաշրջան սկսած է, եւ համաշխարհային տնտեսութեան կեդրոնը այժմ կը տեղափոխուի դէպի հարաւարեւելեան Ասիա:

Կլազեւի կարծիքով` Ռուսաստանը նոյնպէս կրնայ նոր համաշխարհային տնտեսութեան մէջ իր ծանրակշիռ դերը ունենալ, իսկ արեւմտեան պատժամիջոցները կրնսն նաեւ արագացնել այդ գործընթացը: Անոր համար պէտք է աշխուժօրէն ներդնել նոր արհեստագիտութիւններ եւ մտածել ազգային արժոյթի հզօրացման մասին:

«Մեր աչքին առջեւ հիմնային փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան համաշխարհային ֆինանսական համակարգին մէջ: Մենք անոր կը պատրաստոպէինք: Դեռ 2014 թուականին, առաջին պատժամիջոցներէն յետոյ մենք ստեղծեցինք ելեկտրոնային հաղորդագրութիւններու փոխանակման համակարգ, որ ամբողջութեամբ կը փոխարինէ Սուիֆթ-ը: Նման համակարգ ունի նաեւ Չինաստանը: Ձեւաւորած ենք նաեւ մեր դրամատնային եւ անհատական վճարային համակարգերը:

Միեւնոյն ժամանակ պէտք է նշեմ, որ եւրոյէն եւ տոլարէն կախուածութիւնը դեռ կը պահպանուի, ինչ որ մեզ խոցելի կը դարձնէ, յատկապէս գնագոյացման հարցերու մէջ: Հիմա մեր աշխատանքները ուղղուած են, որ գնագոյացման հարցերուն մէջ վճռորոշ դառնայ մեր ազգային արժոյթը: Ինչ կը վերաբերի մեր ուժանիւթակիրներուն, ապա ակնյայտ է, որ Եւրոմիութիւնը չի կրնար հրաժարիլ անոնցմէ: Միեւնոյն ժամանակ, մենք կրնանք աւելցնել արտահանումը դէպի Չինաստան եւ Հնդկաստան: Մէկ խօսքով` մենք գիտենք ինչպէս օգտագործել մեր ուժանիւթային աղբիւրները: Բայց այժմ գերակայ պէտք է դառնայ անոնց վերամշակումը: Անոր համար որակական փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան մեր տնտեսութեան մէջ: Մենք հումքի արտահանումէն պէտք է անցնինք մշակման եւ պատրաստի արտադրանքի արտահանման: Անոր համար մեծ ներդրումներ պէտք է կատարուին նաւթաքիմիագիտութեան զարգացման ոլորտին մէջ: Այնպէս որ, եւրոպացիները այսօր իրենց պատժամիջոցներով իւրայատուկ պայմաններ կը ստեղծեն տնտեսութեան կարեւոր ճիւղերու զարգացման համար», ըսած է Կլազեւը: