image

Էական հարցումը կը մնայ նոյնը ինչո՞ւ «Հըզպալլա» մեծ պատերազմի չի մտնէր

 Էական հարցումը կը մնայ նոյնը ինչո՞ւ «Հըզպալլա» մեծ պատերազմի չի մտնէր

 Իսկ հարցումը, որուն մասին պէտք է ինք «Հըզպալլա»ն մտածէ ու մտորէ այն է, որ արդեօք այդ կուսակցութիւնը «թափանցուած» է, եթէ այո ինչո՞ւ բացայայտ չի խօսուիր այդ մասին, եթէ այո ի՞նչ է վճարուելիք գինը։ Վերջապէս 40 տարեկան այս կազմակերպութիւնը իրական միջոցներ ունի փարատելու այդ խոշոր վէրքը, որ կապ ունի ներքին հասարակական բազում խութերու եւ բացթողումներու հետ։

 Այս փուլին դժուար է անշուշտ վերջնական պատասխան մը ստանալ այս մեծ հարցումին, որ յատկապէս վերջին շաբաթներուն դամոկլեան սուրի մը նման կը ճօճուի  լիբանանեան  այդ կուսակցութեան գլխուն վերեւ։

 

 

 Վերջին օրերուն եղած զարգացումները մէկէ աւելի հարցադրումներ կը բարձրացնեն։ Խօսքը Լիբանանի մէջ եղած դէպքերուն մասին է, որ խորքին մէջ ընթացք առին յատկապէս «Համաս»ի ռազմական «ուղեղներ»էն համարուող Շէյխ Սալէհ Արուրիի սպանութեամբ։ 

 Սպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ «Հըզպալլա»ի տիրապետութեան տակ գտնուող Պէյրութի հարաւային արուարձան՝ «Տահիէ» շրջանի «Մըշարաֆիյէ» հատուածին մէջ տարբեր մակարդակի կասկածներուն դուռ բացաւ։ 

Լրատուական աղբիւրներ օրին հաղորդեցին, որ Սալէհ Արուրին, որուն անունը կը գլխաւորէր Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեանց «թիրախներու ցուցակ»ը յայտնուած էր նոյն եւ այլ արտաքին գաղտնի սպասարկութեանց կիզակէտին։

 Այլ խօսքով կը հետեւէին անոր, ու օգտուելով այդ ղեկավարի պատկերասփռուած ելոյթներէն, անոր  ձայնային տուեալները բնականաբար հասած էին Իսրայէլի վերին մարմիններուն, որոնք առիթ չփախցուցին ու նաեւ օգտուեցան անոր կատարած վերջին ճամբորդութիւններու «ընդհանուր քարտէզ»էն, Պէյրութ վերադարձէն ու ապա «ապահով» համարուած Տահիէի (Պէյրութի հարաւային արուարձան) մէջ շրջագայութիւններէն ու հանդիպումներէն ։ 

 

 Այս բոլորը անշուշտ կը պատմեն այն մասին, որ Կազզէյի մէջ մղուող եւ տակաւին ալ շարունակուող արիւնալի պատերազմը տեղ մը կը փորձէ փոխել խաղի ընդհանուր կանոնները։

 

 Իսրայէլ, որ գետնի վրայ մեծ փորձութիւններու առջեւ է եւ ամէն օր կը կորսնցնէ իր բանակի ամէնէն ռազմունակ ջոկատներուն երիտասարդ աւիւն մատակարարած զինուորներն ու սպաները կարիքն ունի նոր խաղաոճի մը, որուն գլխաւոր վերնագիրն է «խաղը սահմաններէն դուրս հանել»։

 

 Անշուշտ Արուրիի սպանութիւնը «ուրախ լուր» կը համարուէր, ոչ միայն Իսրայէլին այլ բոլոր այն կողմերուն, որոնց համար խորթ էր վերջինիս գործունէութիւնը, որովհետեւ վերջինիս դաւանած կանոնները, նոր  ներուժ  եւ ռազմավարական որակ կը բերէին «Համաս»ի ղեկավարութեան։ Ի վերջոյ Արուրի այդ կազմակերպութեան արտաքին թեւն էր, հետեւաբար հարուածել եւ խաղէն դուրս հանել զինք կը նշանակէր ուղղակի հարուած մը տալ «Համաս»ին։

 

 Եղած հարուածը, եթէ նոյնիսկ ինչ որ տեղ «արատ» մը կրնար բերել «Հըզպալլա»ին, այն իմաստով, որ Արուրին կը սպաննուէր այն պահուն, երբ անոր փոխադրութիւնը ապահովող հիմնական կողմը նոյն «Հըզպալլա»ն էր, ու այստեղ զարմանալի էր այն, որ անոր դէմ եղած գրոհին ընթացքին զոհերուն մէջ չկային «Հըզպ»ի անդամները։ 

 

 Մէկդի դնելով այս վարկածը, որ անշուշտ դուռ կը բանայ աւելի մեծ հարցադրումներու ու պահ մը մոռնալով Արուրիի սպանութեան փաստը հարկ է անշուշտ աչք մը նետել Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ եղած դէպքերուն, որոնց շարադրանքը ինքնին մեզի կրնայ տանիլ շատ աւելի խորքային հարցումներու։

 Այստեղ միջանկեալ պէտք է հաստատել, որ նման թեմաներ գրողներու հիմնական առաջադրանքը կամ «առաքելութիւն»ը չէ այս կամ այն կողմը մեղադրել, յաղթանակներու կամ պարտութիւններու մասին նշումներ ընել, ու աւելին եւ ամենակարեւորը հեռու մնալ բարոյախօսական տողերէ, որոնք հիմնական որոգոյթ են տապալելու առողջ եւ իրական հիմքեր ունեցող վերլուծութիւնները ։

 Գլխաւոր տագնապը, որուն առջեւ կանգնած է այսօր հայկական (յատկապէս սփիւռքեան՝ իմա արեւմտահայկական մամուլին) զգացումներով առաջնորդուելու, փափաքի ծովերով ճամբորդելու ծուղակն է ու ցաւալիօրէն մեր իրականութեան մէջ այդ ոճով գրող-մրոտողները կը կազմեն մեծամասնութիւն։ Սա պարզապէս միջանկեալ պէտք է ըսուի, որպէսզի ընթերցողը հեռու մնայ աւելորդ, անիմաստ եւ սին ակնկալիքներէ։ Լաւ վերլուծողը փրկելու համար չի գրեր, չի ստեր, փաստերը կը շարադրէ ու հաւանական սենարներու մասին կը խօսի։ Այդքան են իր ընելիքները եւ այդ են իր սահմանները։Վերջակէտ։

 Վերադառնալով լիբանանեան ճակատին ի հարկէ նոր թեմա մը չէ այն խնդրառութիւնը, որ այսօր մեծ հաշուով, որպէս ցաւոտ հարցում մը կը տարածուի Լիբանանի հասարակութեան մէջ։

 Այդ հարցումը, որ լիբանանեան «Հըզպ»ի թափանցուած ըլլալու մասին կը յուշէ առաւելաբար մէջտեղ կը բերուէր անցեալ երկուշբաթի օր, երբ հարաւային «Խըրպթ սըլմ» գաւառակին մէջ տեղի կ՚ունենար այլ «ճակատագրական» համարուած սպանութիւն մը, որուն զոհ կ՚երթար, «Հըզպ»ի կարեւոր դէմքերէն մին՝ Ուիսամ Հասան Ալ Թաուիլը։ 

 Սպաննուողը «Հըզպ»ի հիմնական գործիչներէն մին էր, որ միեւնոյն ժամանակ կազմակերպութեան ընտրանին համարուող «Ալ Ռատուան» ջոկատի պատասխանատուներէն մին էր եւ ան կը սպաննուէր իր իսկ ինքնաշարժին վրայ եղած ուղիղ հարուածով (Ի դէպ այս սպանութեան մասին տարբեր վարկածներ ալ շրջանառութեան մէջ դրուեցան, եւ ըստ որոշ աղբիւրներու ան զոհուած էր ականի մը պայթումով։ Ի հարկէ կարեւոր են այդ մանրամասնութիւնները, սակայն այս փուլին անհնարին է սպանութեան ձեւին մասին վերջնական եզրակացութեան մը հասնիլը)։

 Խորքին մէջ դէպքը խորքային իմաստով մեծ ցնցում բերող իրադարձութիւնէ աւելին է, որովհետեւ այն տեղի կ՚ունենար «Հըզպ»ի ամէնէն ապահով համարուող գօտիներէն մէկուն մէջ, ուր հակառակ իսրայէլեան օդային, կամ ԱԹՍ-ներու գրոհներուն շրջագայութիւնը (վերջին շաբաթներուն) մեծապէս աւելցած է։

 

 Եղած հարուածէն ետք, Լիբանանեան կազմակերպութիւնը շատ «սառն» կերպով դիմաւորեց լուրը, որովհետեւ «Հըզպ»ը հետամուտ է, որ արտաքին աշխարհի մամուլը, վերլուծաբաններ եւ մանաւանդ հակառակորդ Իսրայէլը լաւ ըմբռնէ, որ իր հարուածները ոչինչ կրնան փոխել գետնի վրայ։   Մօտեցումը անշուշտ մաս կը կազմէ պատերազմական ռազմավարութեան մը, որ հաւասարապէս կ՚օգտագործուի հակամարտողներուն կողմէ։ 

 Ի հարկէ մեծ տարբերութիւն կայ Լիբանանի շիիթ հասարակութեան եւ միւս կողմէ իսրայէլացի վերաբնակեցեալներուն միջեւ, որոնց մեծ մասը բնիկներ չեն, այլ եկուորներ։ Ու այս մօտեցումին մեծագոյն ապացոյցը այն է, որ այսօր աւելի քան 200.000 վերաբնակցելաներ լքած ու հեռացած են Հիւսիսային Իսրայէլի սահմնանային ամբողջ գօտիէն եւ «իրենց» երկրին մէջ դարձած են փախստականներ։ 

 

 Այս իր կարգին, սակայն «Հըզպ»ին տրուած մեծ հարուածը իր կարգին, որովհետեւ տեղի ունեցած հարուածը, որուն ընթացքին կը զոհուէր այդ շատ յայտնի զօրահրամանատարը ինքնին ուժեղ հարուած մը ըլլալէ անդին, կը խառնէր բոլոր տեսակի խաղաքարտերը։

Ըսուած է յաճախ, որ այն հարուածները, որ չեն կրնար սպաննել աւելիով կը զօրացնեն, այս պարագային եւս այդ վարկածը աշխատող վարկած է, բայց խնդիրը իր առաջ կը բանայ աւելի մեծ, աւելի տարողունակ եւ աւելի մեծ հարցադրումներ, որոնք սոսկական հարցադրումներ չեն, այլ միով բանիւ մարտահրաւէր են «Հըզպ»ին համար։

 Ի՞նչ յանդգնութեամբ Իսրայէլ կը հատէ ընդունուած «կարմիր գիծեր»ը, ո՞ւր կրնան տանիլ այս սպաննութիւնները (անշուշտ եթէ շարունակուին) եւ ի վերջոյ ինչո՞ւ «Հըզպ»ը «կը զլանայ» եւ հեռու կը պահէ այն բոլոր ծրագիրները, որոնք կը խօսէին ցամաքային արագ գործողութիւններու շարքի մը մասին թիրախ ունենալով հարուածել Իսրայէլի «ներս»ը։

 Երկար թեմա է դէպի վերին Գալիլիա (Ճալիլ) թափանցում կատարելու մասին խօսակցութիւնները անգամ փորձ- տեսանիւթերը, որոնք տարածուած են «Հըզպ»ին կողմէ ամիսներ առաջ, սակայն այսօր բոլոր տուեալները կան հասկնալու համար, որ «Հըզպ»ը կուզէ հեռու մնալ մեծ պատերազմէ։

 Մեծ պատերազմը ի վերջոյ չի բխիր «Հըզպ»ի շահերէն այլ կրնայ վերակենդանացնել իր քաղաքական մայրամուտին մօտեցած Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուն եւ անոր քաղաքական ամբողջ համակարգը։

  Իսկ հարցումը, որուն մասին պէտք է ինք «Հըզպալլա»ն մտածէ ու մտորէ այն է, որ արդեօք այդ կուսակցութիւնը «թափանցուած» է, եթէ այո ինչո՞ւ բացայայտ չի խօսուիր այդ մասին, եթէ այո ի՞նչ է վճարուելիք գինը։ Վերջապէս 40 տարեկան այս կազմակերպութիւնը իրական միջոցներ ունի փարատելու այդ խոշոր վէրքը, որ կապ ունի ներքին հասարակական բազում խութերու եւ բացթողումներու հետ։

 Այս փուլին դժուար է անշուշտ վերջնական պատասխան մը ստանալ այս մեծ հարցումին, որ յատկապէս վերջին շաբաթներուն դամոկլեան սուրի մը նման կը ճօճուի  լիբանանեան  այդ կուսակցութեան գլխուն վերեւ։

 

 

 Սագօ Արեան 

 «Ժամանակ»/ Պոլիս 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...