Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիտը չաջակցիր Ռուսիան կազմակերպութենէն դուրս ձգելու գաղափարին, մինչդեռ Ուքրանիան կը պնդէ Ռուսիոյ Դաշնութեան բացառումը կառոյցէն, գրած է «kommersant.ru»-ն:
«Կը կարծեմ, որ այսօրուան տեսանկիւնէն ելլելով, իմաստ ունի, որ Ռուսիան շարունակէ մնալ ԵԱՀԿ-ի անդամ»,-ըսած է Շմիտը «Welt» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Ան կը կարծէ, որ նոյն սեղանի շուրջ ըլլալը չի նշանակեր «փոխանակուիլ դիւանագիտական քաղաքավարութեամբ»։
«Օր մը մենք նորէն կապի ուղիներու կարիք կ'ունենանք»,- պարզաբանած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գլխաւոր քարտուղարը։
Նոյեմբերին կայացած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստը, որուն չեն մասնակցած Ռուսիոյ Դաշնութեան պատուիրակները. կազմակերպիչները անոնց վիզա չեն տուած։ Ռուս խորհրդարանականները ըսած են, որ ԵԱՀԿ-ը «կը վախնայ բանավէճի ընթացքին անյարմար ելոյթներէն»։ Ուքրանական պատուիրակութիւնը խոստացած է պոյքոթել ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ռուսիան դուրս չէ մնացած կառոյցէն։