image
Հրատապ լուրեր:

ԵԱՀԿ Ընդհանուր Քարտուղարը դէմ, որ Ռուսիա դուրս գայ այդ կազմակերպութենէն

ԵԱՀԿ Ընդհանուր Քարտուղարը դէմ, որ Ռուսիա  դուրս  գայ  այդ կազմակերպութենէն

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիտը չաջակցիր Ռուսիան կազմակերպութենէն դուրս ձգելու գաղափարին, մինչդեռ Ուքրանիան կը պնդէ Ռուսիոյ Դաշնութեան բացառումը կառոյցէն, գրած է «kommersant.ru»-ն:

«Կը կարծեմ, որ այսօրուան տեսանկիւնէն ելլելով, իմաստ ունի, որ Ռուսիան շարունակէ մնալ ԵԱՀԿ-ի անդամ»,-ըսած է Շմիտը «Welt» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Ան կը կարծէ, որ նոյն սեղանի շուրջ ըլլալը չի նշանակեր «փոխանակուիլ դիւանագիտական քաղաքավարութեամբ»։

«Օր մը մենք նորէն կապի ուղիներու կարիք կ'ունենանք»,- պարզաբանած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գլխաւոր քարտուղարը։

Նոյեմբերին կայացած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի  նիստը, որուն չեն մասնակցած Ռուսիոյ Դաշնութեան պատուիրակները. կազմակերպիչները անոնց վիզա չեն տուած։ Ռուս խորհրդարանականները ըսած են, որ ԵԱՀԿ-ը «կը վախնայ բանավէճի ընթացքին անյարմար ելոյթներէն»։ Ուքրանական պատուիրակութիւնը խոստացած է պոյքոթել ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ռուսիան դուրս չէ մնացած կառոյցէն։