image
Հրատապ լուրեր:

Ձերբակալուած փոխքաղաքապետի գործով նոր կալանաւորում

Ձերբակալուած փոխքաղաքապետի գործով նոր կալանաւորում

Փոխքաղաքապետ Գէորգ Սիմոնեանի գործով ձերբակալուած «Մեդլայն Կլինիկ» ֊ի տնօրէն Բ. Շ.֊ն (Բաբկեն Շահումեան-խմբ.) կալանաւորուած է։

Այս մասին Tert.am-ը տեղեկացած է Հակակոռուպցիոն կոմիտէէն։

Նշենք, որ նախաքննութեամբ պարզուած էր, որ «Մեդլայն Կլինիկ» ՍՊ ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Բ. Շ.-ն կազմակերպած է նոյն ընկերութեան բժիշկներու կողմէ պաշտօնական փաստաթուղթ հանդիսացող հիւանդութեան պատմութիւններուն մէջ ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններ ներառելը եւ իրացնելը, ինչպէս նաեւ նոյն անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ յափշտակած է առանձնապէս խոշոր չափերու գումար։

Մասնաւորապէս՝ Բ. Շ.-ի կազմակերպմամբ բժշկական կազմակերպութեան բժիշկներէն առնուազն 8-ը, սոմատիկ (մարմնային) բաժանմունքէն ներս 2020թ. յուլիսէն 2021թ. դեկտեմբերի ժամանակահատուածին բուժում ստացած 385 հիւանդի հիւանդութեան պատմագրերուն մէջ կեղծ տեղեկութիւններ ներառած են, թէ իբր յիշեալ հիւանդները բուժում ստացած են վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս, որու վերաբերեալ այնուհետեւ կեղծ հաշուետւութիւններ ներկայացուցած են ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւն։

Ներկայացուած կեղծ հաշուետւութիւններու հիման վրայ «ՀՀ-ում նոր կորոնավիրուսային վարակի (Covid-19) կանխարգելման, վերահսկման, բուժման այլ համալիր միջոցառումների» ծրագրի ֆինանսական միջոցներէն «Մեդլայն Կլինիկ» ՍՊ ընկերութեան անհիմն, փաստացի չմատուցուած ծառայութիւններու դիմաց փոխանցուած է առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 119.005.000 ՀՀ դրամ: