Սիրելի ՀՕՄուհիներ,
Դուք ազգ էք, ազգի կեանքին մէջ: Պատմական ու եզակի ձեր միութեան ճամբով, դուք արի զինուո՛ր էք հայ կանացի բանակին, ու դարմանող ձեռք էք՝ ռազմաճակատին ինկած հայ վիրաւոր զինուորին: Դուք հովանաւոր դաստիարակ ու մայրական գուրգուրանք էք՝ Ջաւախքի, Արցախի, Հայաստանի ու Սփիւռքի մանուկին ու պատանիին, աշակերտին ու ուսանողին՝ ՀՕՄ-ի ջանքերով կառուցուած այն բոլոր մանկապարտէզներուն ու վարժարաններուն մէջ, ուր հայ տղան ու աղջիկը հայօրէն կ՛աճին, ազգին խոստմնալից երիտասարդները կը դառնան ու հայկականութեամբ ամրացած կը բացուին կեանքին:
Հայց. Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի դիմատետրի էջէն կը կարդանք ՝
Միւռոնօրհնէքի մասնակցելու պարտաւորութեամբ Լիբանան մեկնած՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոսաւանդ սիրով մեր սրտագին ողջոյնները կը փոխանցենք հայ ազգի կեանքին մէջ ահա՛ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր զինուորական համակարգի աշխուժութեամբ բանող՝ Հայ Օգնութեան միութեան աշխարհատարած անդամներուն եւ յատկապէս Պատգամաւորական այս ժողովին մասնակից ՀՕՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ տեղական մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներուն, կազմերուն, պատգամաւորներուն ու հրաւիրեալներուն:
Սիրելի ՀՕՄուհիներ,
Դուք ազգ էք, ազգի կեանքին մէջ: Պատմական ու եզակի ձեր միութեան ճամբով, դուք արի զինուո՛ր էք հայ կանացի բանակին, ու դարմանող ձեռք էք՝ ռազմաճակատին ինկած հայ վիրաւոր զինուորին: Դուք հովանաւոր դաստիարակ ու մայրական գուրգուրանք էք՝ Ջաւախքի, Արցախի, Հայաստանի ու Սփիւռքի մանուկին ու պատանիին, աշակերտին ու ուսանողին՝ ՀՕՄ-ի ջանքերով կառուցուած այն բոլոր մանկապարտէզներուն ու վարժարաններուն մէջ, ուր հայ տղան ու աղջիկը հայօրէն կ՛աճին, ազգին խոստմնալից երիտասարդները կը դառնան ու հայկականութեամբ ամրացած կը բացուին կեանքին:
Աւելի՛ն: Դուք ապահով ապաստանարան էք՝ պատերազմական թէ ճգնաժամային պահերու հալածական ու վտարանդի դարձած մեր ազգի զաւակաց, անոնց կարիքներու բաւարարման հասնող՝ անմիջական օգնութեան շնորհալի այն ձեռքը, որ սամարացիական բարութեամբ անխտիր կ՛երկարի դէպի բոլո՜ր-բոլո՜րը:
Դուք նաեւ է՛ք կենսատու շունչ՝ տարեցներու միութեանց, ուր կեանքէն խոնջ մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը հանգստանալու կու գան՝ ձեր լա՜յն սրտին ապաւինած:
Արդ, ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի 98-րդ Պատգամաւորական ժողովին առիթով մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ անվհատ շարունակէք ձեր ընթացքը ե՛ւ իբրեւ միութիւն, ե՛ւ իբրեւ անդամներ ու ձեր բանակին միացնէք նոր ու երիտասարդ ուժեր, կատարէք տեղին ու օգտաշատ պատուաստումներ, որպէսզի մեր ժողովուրդի բազմամակարդակ կարիքներն ու պահանջները արդի ժամանակներու մէջ եւս բաւարարուին նորոգ կենսունակութեամբ ու թափով, եւ ՀՕՄ-ի ծառայական պսակը ընդմիշտ շողայ համազգային տեսիլքով ու համահայկական հնչեղութեամբ:
Բի՜ւր օրհնութիւններով աղօթարար՝
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի