image

Դիմադրութիւնը կը շարունակէ անհնազանդութեան գործողութիւնները

Դիմադրութիւնը կը շարունակէ  անհնազանդութեան գործողութիւնները

«Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները այսօր` Մայիս 31-ի առաւօտեան իրենց հերթական անհնազանդութեան գործողութիւնը կ'իրականացնեն Երեւանի մէջ: Անոնք հաւաքուած են Ֆրանսայի հրապարակին վրայ եւ երթ սկսած:

Նախօրէին Ազգային ժողովի փոխխօսնակ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը կոչ ըրած է քաղաքացիներուն ժամը 11–ին ըլլալու Ֆրանսայի հրապարակ, որպէսզի երթան պետական հիմնարկներ: Իսկ երեկոյեան` 19:00–ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք: