3 Սեպտեմբերին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ նորանշանակ դեսպան Վարուժան Ներսէսեանն իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած է Միացեալ Թագաւորութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան փոխ-մարշալ եւ Արտաքին գործերու եւ զարգացման գրասենեակի արարողակարգի ծառայութեան տնօրէն Վիքթորիա Պասպիին:
Շնորհաւորելով դեսպանը Միացեալ Թագաւորութեան մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան մեկնարկի կապակցութեամբ, Վիքթորիա Պասպին յաջողութիւն մաղթած է Վարուժան Ներսէսեանին՝ վստահութիւն յայտնելով, որ անոր գործունէութիւնը նոր լիցք եւ բովանդակութիւն կը հաղորդէ երկկողմ յարաբերութիւններուն։
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան եւ բարի մաղթանքներու համար եւ շեշտած, որ պիտի ձգտի ընելու առաւելագոյնը՝ նոր մակարդակի հասցնելու ՀՀ-Միացեալ Թագաւորութիւն քաղաքական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդլայնելու երկկողմ փոխգործակցութիւնը տնտեսական, մշակութային, զբօսաշրջային եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձած են այս տարուան Նոյեմբերին Կլազկոյի մէջ կայանալիք Կլիմայի փոփոխութեան գագաթնաժողովին (COP26), որու ծիրէն ներս դեսպան Ներսէսեանը ընդգծած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը իր կառուցողական ներդրումը ունենալու այդ համաշխարհային խնդրին նուիրուած կարեւորագոյն միջոցառման աշխատանքներուն։