Երկար տարիներ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանի պաշտօն կատարած Դոկտ. Արշակ Փօլատեանը օրերս այցելած է Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք՝ Իրպիլ։
Այս մասին իմացանք Իրաքի մէջ հոգեւոր ծառայութիւն իրականացնող Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանի դիմատետրի էջէն։
Տէր հայրը այս առթիւ ալ մասնաւորապէս գրած է ՝ «Նորին Գերազանցութեան Լիազոր Դեսպան և մեծ պատմաբան Արշակ Փոլատեանի եւ Իրպիլի ՀՀ գլխավոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեանի այցը Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցի»։