Յատուկ գործողութիւնը Ռուսիոյ զինուած ուժերուն մէջ բացայայտեց անարդիւնաւէտ «մանրայատակի» զօրավարներ, սակայն ստուերէ դուրս բերաւ արդիւնաւէտ մարդիկ։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ռազմական լրագրողներուն։
Նախագահն անսպասելի անուանած է նաեւ այն պնդումը, թէ զինուորներուն 100 հազար ռուբլի չեն վճարած ոչնչացուած հրասայլի, 300 հազար՝ ինքնաթիռի համար, եւ խոստացած է կարգաւորել այն։
Ըստ անոր՝ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը հակայարձակման ժամանակ կորսնցուցած են 160 հրասայլ։
«Ռուսական կողմն իր հերթին յարձակումը ետ մղելու ժամանակ կորսնցուցած է 54 հրասայլ։ Ռազմական սարքերու մէկ մասը ենթակայ է վերականգնման»,-ըսած է պետութեան ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ համեմատութեան համար Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կորսնցուցած են գրեթէ երեք անգամ աւելի շատ հրասայլ։
Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահն ըսած է, որ ուքրանական լայնածաւալ հակայարձակումը սկսած է 4 յունիսին ու կը շարունակուի մինչ օրս։
Աւելի վաղ Վլատիմիր Փութինը յայտնած էր, որ Քիեւի հակայարձակման փորձերը ձախողած են, ուքրանական զօրքերը մարտական ոչ մէկ հատուածին մէջ չեն հասած իրենց նպատակներուն։