ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնն արդէն տեղեկացուցած է, որ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հետ աշխուժ համագործակցութեամբ ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ առերեւոյթ թշնամիի կողմն անցնելու, ինչպէս նաեւ լրտեսութեամբ դրսեւորուած՝ պետական դաւաճանութեան 2 դէպքերու առթիւ ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքէն ներս 2022-ի 10 օգոստոսին ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 418-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ 424-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախաձեռնուած է երկու առանձին քրէական վարոյթ:
Քրէական վարոյթներով ձեռնակրուած վարոյթային եւ ապացուցողական գործողութիւններու շնորհիւ ձեռք բերուած են ապացոյցներ այն մասին, որ ՀՀ քաղաքացիներ Վ. Ղ.-ն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Իսթանպուլ քաղաքը բնակող Ի.Վ.-ն հաւաքագրուած են օտարերկրեայ պետութեան յատուկ ծառայութիւններու կողմէ, Վ.Ղ.-ն թշնամական գործունէութիւն իրականացնելու համար այլ տեսակի օգնութիւն ցոյց տուած է անոնց, իր նախաձեռնութեամբ կապ հաստատած է Վրաստանի մէջ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դեսպանութեան աշխատակիցներու հետ:
Անոնք առանձին-առանձին հաղորդակցութեան տարբեր միջոցներով դիմած են Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահին՝ ՀՀ քաղաքացիութենէն հրաժարելու եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու նպատակով:
Նշուած քրէական վարոյթներով հաւաքուած ապացոյցներու հիման վրայ հսկող դատախազի կողմէ 2022-ի 18 օգոստոսին կայացած են Ի. Վ.-ի եւ Վ. Ղ.-ի նկատմամբ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 418-րդ յօդուածի 1-ին մասով հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու մասին որոշումներ:
Միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ անոնց նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ, որ բաւարարուած է:
Որոշումներն ուղարկուած են ՀՀ ոստիկանութիւն՝ նշուած անձանց յայտնաբերելու եւ վարոյթն իրականացնող մարմնին ներկայացնելու համար:
Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնը կը շարունակուի: