Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, դատաւոր Վահէ Միսակեանի նախագահութեամբ, վառելիքի գործով դատական նիստին մեղադրողը հանդէս եկած է մեղադրական ճառով։
Ան միջնորդած է «ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանին մեղաւոր ճանաչել ՀՀ նախկին քրէական օրէնսգրքի 38-179 յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ ազատել քրէական պատասխանատւութիւնից վաղեմութեան ժամկէտներն անցնելու հետեւանքով»։
Դատախազը նոյն միջնորդութեամբ հանդէս եկած է նաեւ գործով անցնող Բարսեղ Բեգլարեանի եւ Գէորգ Յարութիւնեանի վերաբերեալ։
«Ամբաստանեալների նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցները թողնել անփոփոխ մինչեւ դատավճռի օրինական ուժի մէջ մտնելը, ներկայացուած քաղաքացիական հայցը բաւարարել ամբողջութեամբ, ամբաստանեալների գոյքի վրայ դրուած կալանքը պահպանել մինչեւ քաղաքացիական հայցի լուծումը»,- յայտարարած է դատախազը։