image

Ալիեւն ու Էրտողանը քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը

Ալիեւն ու Էրտողանը քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը

Սեպտեմբեր 1-ին Չինաստանի Թիենծին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը: 

Ինչպէս յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, հանդիպման քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, մասնաւորապէս, բարձր գնահատուած է Թուրքիոյ կայունացնող դերը տարածաշրջանային հարցերուն մէջ:

Ալիեւն ու Էրտողանը միտքեր փոխանակած են ատրպէյճանա-թրքական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու հեռանկարներու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: