«Ազատութիւն Արսէն Արծրունիին» նախաձեռնութենէն կը տեղեկանանք, որ այսօր «Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկէն ներս տեղի ունեցած դատական նիստի աւարտին, դատաւոր Խալափեանը, բաւարարելով Արծրունիի բողոքը, պարտաւորեցուցած է «Նուպարաշէն» եւ «Արթիկ» ՔԿ հիմնարկներուն բաւարարել Արսէն Արծրունիի պահանջը ու անոր յետին թիւով արժանացնել խրախուսանքներու։ Այդ կը նշանակէ, որ Արծրունիի պաշտպանները կը կարողանան դիմել դատարան եւ նոր ի յայտ եկած հանգամանքներու հիմամբ պահանջել Արծրունիի վաղաժամկէտ պայմանական ազատման՝ 2018 թուականի մերժման որոշումը վերանայիլ։ Այսպէս, Արսէնի վաղաժամկէտ ազատման յաջորդ հնարաւորութիւնը, որ մինչ օրս կը համարուէր 2021 թուականի օգոստոս ամիսը, պիտի փոխարինուի մօտ ժամանակներս տեղի ունենալիք նոր դատական գործընթացով։
Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, «Դրոյի» գործով 1994-էն ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Արսէն Արծրունին բանտին մէջ հիւանդութիւն ձեռք բերած է. ան կը տառապի վահանաձեւ գեղձի բարդ հիւանդութեամբ, որ, ըստ մասնագէտներու, բանտային պայմաններուն մէջ եւ առանց երկարաժամկէտ, հետեւողական խնամքի, բժշկական լուրջ միջմտութեան, չի կրնար բուժուիլ: