image

Չտրուիլ կեղծ լուրերուն. Ատրպէյճան կը փորձէ վախի մթնոլորտ ստեղծել. Կոչ Արցախի ԱԱԾ-էն

Չտրուիլ կեղծ լուրերուն. Ատրպէյճան կը փորձէ վախի մթնոլորտ ստեղծել. Կոչ Արցախի ԱԱԾ-էն

Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, հետամուտ ըլլալով տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտին մէջ օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու իրականացման, կ'իրազեկէ, որ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններն Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու եւ պետական կառոյցներու ելեկտրոնային հասցէներուն ու մեսէյնճըրներուն կեղծ լուրեր ու սպառնալիքներ պարունակող հաղորդագրութիւններ կ'ուղարկեն եւ կը փորձեն խուճապ տարածելով՝ վախի մթնոլորտ ստեղծել։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը: 

«Արցախի Հանրապետութեան ԱԱԾ-ն համապատասխան քայլեր է ձեռնարկում հնարաւոր զարգացումները կանխարգելելու համար: Կոչ ենք անում չտրուել կեղծ լուրերի, չպատասխանել նման հաղորդագրութիւնների, եւ հետեւել միայն պաշտօնական լրահոսին: Կասկածելի բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւններ կամ սպառնալիքներ ստանալու դէպքում դիմէք ԱՀ ԱԱԾ պաշտօնական կայքէջին կամ զանգահարէք թէժ գծի հեռախօսահամարներին՝ 047-94-41-26 և 41-26»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: