Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանն ապրիլ 28-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լի Սինվէյը՝ հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնելու կապակցութեամբ:
Ինչպէս կը տեղեկանանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, Մնացական Սաֆարեանը շնորհաւորած է նորանշանակ դեսպանը իր առաքելութիւնն սկսելու առթիւ եւ մաղթած արդիւնաւէտ գործունէութիւն երկկողմ կապերու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ցուցաբերել ամենայն աջակցութիւն:
Կողմերը գոհունակութեամբ նշած են դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւններու արագ զարգացումը՝ առանձնայատուկ կարեւորելով երկու ժողովուրդներու միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութիւնը:
Երկուստեք կարեւորուած է երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնն աշխուժացնելու եւ բազմոլորտ համագործակցութիւնը խթանելու յանձնառութիւնը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներու, ինչպէս նաեւ իրար համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ:
Չինաստանը շուրջ 9 ամիս դեսպան չունէր Հայաստանի մէջ։
Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ֆան Եունն իր դիւանագիտական առաքելութիւնը ՀՀ–ի մէջ աւարտած էր 2024-ի յուլիսին։