image

Չինաստան ոտքի պիտի հանէ՞ Թուրքիոյ քիւրտերը

Չինաստան ոտքի պիտի հանէ՞  Թուրքիոյ քիւրտերը

Ամերիկա-ճափոնական The Diplomat լրատուական ամսագիրը կը նշէ, որ, ի պատասխան Թուրքիոյ ույղուրամէտ հռետորաբանութեան աշխուժացման, Փեքինը կը խաղարկէ «քրտական հարցը»:

«Թուրքիոյ՝ ույղուրներու իրավիճակին վերաբերեալ  մեկնաբանութիւններէն յետոյ Չինաստանը հակադարձած է՝ կեդրոնանալով այն շրջաններուն վրայ, ուր կ'ապրին քիւրտերը, եւ մեղադրելով Թուրքիան այդ շրջաններուն մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու մէջ: Չինաստանի գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ Չինաստանը պիտի պատասխանէ, եթէ Անգարան շարունակէ բարձրացնել ույղուրներու ցեղասպանութեան հարցը», կը գրէ The Diplomat-ը։

Եւս մէկ դրուագ, որ աննկատ մնացած է թրքական լրատուամիջոցներուն մօտ, բայց անհանգստացուցած է Փեքինը: Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան նոր անուանումը եւ Սթամպուլի մէջ հանդիպման ամսաթիւը՝ Նոյեմբեր 12-ը, համընկած է Արեւելեան Թուրքեստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծման օրուայ հետ`  1933 թուականին:

Թուրքիոյ ծրագրուած ներթափանցումը Կեդրոնական Ասիա եւ Չինաստանի ներթափանցումը Մերձաւոր Արեւելք ցոյց կու տան, որ չին-թրքական յարաբերութիւնները, հաւանաբար, ապագային կը մտնեն անհանգստացնող շրջան: Այսպէս՝ Չինաստանը արդէն մեծագոյն օտարերկրեայ ներդրողն է Իրաքեան Քիւրտիստանի շինարարութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ։