image

Չաւուշօղլուն լաւատես է, որ Հայաստան կը միանայ «Թրանս-Կովկաս» ծրագրին

Չաւուշօղլուն լաւատես է, որ Հայաստան կը միանայ «Թրանս-Կովկաս» ծրագրին

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն խօսած է տարածաշրջանին մէջ անցնելիք  ճանապարհային հանգոյցներուն Հայաստանի մասնակցութեան մասին։

Թրքական Anadolu գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ելոյթ ունեցած է Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի եւ Հունգարիոյ արտաքին եւ առեւտուրի հիմանրկի հետ համատեղ կայացող միջոցառման։

Չաւուշօղլուն, անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ հեռահաղորդակցութիւններու զարգացման հարցերուն, նշած է, որ Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը եւ Իրանը եռակողմ եւ քառակողմ մեքանիզմներով կ'աշխատին օգտագործել այդ հնարաւորութիւնները։

«Հիւսիսային միջանցքին այլընտրանք չունենալով, մենք կ'աշխատինք բանալ Թրանս–Կովկաս ծրագիրը։ Յոյսով եմ՝ ապագային երբ իրականացնենք ծրագիրը, Հայաստանը եւս մեզ կը միանայ»,–ըսած է Չաւուշօղլուն։