image

Չաւուշօղլուն Ցեղասպանութեան սերունդներուն «Գորշ գայլ»ի նշանը ցոյց տուած է

Չաւուշօղլուն   Ցեղասպանութեան  սերունդներուն «Գորշ գայլ»ի նշանը  ցոյց տուած է

Ուրուկուէյի մէջ Թուրքիոյ նոր դեսպանատան բացումէն յետոյ տարածքէն հեռացող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր դէմ բողոքի շարժում իրականացնող հայերուն Գորշ գայլերու նշանը ցոյց տուած է:

Ուրուկուայի մէջ ապաստանած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները Ուրուկուէյի մայրաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ նոր դեսպանատան բացման ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին դէմ Հայաստանի եռագոյն դրօշներով եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող կարգախօսներով բողոքի շարժում իրականացուցած են:

Դեսպանատան շեմքէն ինքնաշարժով դուրս եկած Չաւուշօղլուն կը ծիծաղի հայերուն վրայ եւ թուրք ազգայնամոլներու Գորշ գայլերու նշանը ցոյց կու տայ: Այդ ընթացքին դուրսը գտնուող դեսպանատան աշխատակիցները կը ծափահարեն Չաւուշօղլուին: