Լոնտոնի մէջ կայացած է Մեծ Բրիտանիոյ թագաւոր Չարլզ 3-րդի թագադրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Չարլզ 3-րդ կը յաջորդէ իր մօր՝ Եղիսաբէթ թագուհիին: Թագուհին մահացած է 2022 թուականի սեպտեմբերին:
74-ամեայ Չարլզ դարձաւ Մեծ Բրիտանիոյ ամենատարեց միապետը, որու գլխուն դրուեցաւ Ս. Էտուարտի՝ 360 տարեկան թագը:
Չարլզի երկրորդ կինը՝ 75-ամեայ Քամիլան, արարողութեան ժամանակ թագադրուեցաւ թագուհի: