Ցաւօք, 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ՀՀ-ն այլեւս չունի հնարաւորութիւն եւ ներուժ ապահովելու Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը: Այս մասին Ֆակտոր TV-ին ըսած է ԱԺ-ի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ՝ Էտուարտ Աղաջանեան։
«Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան թերեւս կարեւորագոյն կէտը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան ծաւալումն է այն տարածքում, որտեղ շարունակում են ապրել արցախցի մեր հայրենակիցները:
Կարծում ենք, որ այս հարցում մենք պէտք է ապաւինենք միջազգային հանրութեան գործիքակազմին, եւ անենք առաւելագոյնը, որ միջազգային հանրութեանը հասցնենք այն օրհասական, գոյութենական խնդիրները, որոնց մեր հայրենակիցներն առնչւում են Արցախում»,- ըսած է Աղաջանեան: