image

Բոլոր ղեկավարներուն ամէն կողմ. Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Բոլոր ղեկավարներուն ամէն կողմ. Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Այսօրուան ԻՍԿԱԿԱՆ մերժելիները պէտք է ըլլան նոյն մերժումի քարոզիչները ամէն կողմ, վերէն վար՝ անոնք ըլլան փողկապ կապած թէ վեղար հագուած։ Իսկական մերժելիներն ու դաւաճանները անոնք են որոնք յանուն փրկութեան, մէկ ուրիշ հայը նզովեալ կամ դաւաճան կը համարեն։

Այսօրուան ԻՍԿԱԿԱՆ հերոսները, ազգի ԻՍԿԱԿԱՆ փրկիչները պէտք է փնտռել այն մարդոց մէջ, որոնք գուցէ միամտաբար բայց յամառօրէն, եւ գուցէ վերջին ճիգով մը, կը փորձեն իրար հանդէպ թշնամանքով լեցուած հայեր իրենց ատելութիւնէն պարպել ու միմիանց հանդէպ հանդուրժողականութեամբ լեցնել։

 

 Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական  գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

 

Կը բաւէ այլեւս, կը բաւէ ատելութիւններով ու հատուածական շահերով մեր ազգը կտոր-կտոր ընէք, ու զայն ինչ-ինչ խմբակային շահերու կամ  «ես»երու զոհը դարձնէք։

Կը բաւէ այլեւս իշխանաւորներ, երեկուան իշխանաւորներ, թէ ապագայի համար իշխանական աթոռներու ձգտողներ, եւ նաեւ դուք ձեզ ազգի փրկիչներ յայտարարածներ, որոնք ամէն մէկը իբր թէ միւսէն աւելի լաւը, սակայն արդէն հոգեւոր ու քաղաքական աշխարհներ իրար անցուցած, ժողովուրդը այս ու այն կողմ կը քաշքշէք։

Պիտի գտնուի ՞ն արդէօք ձեր մէջ մարդիկ որոնք յանուն մարդկութեան եւ յանուն ազգի ու հայրենիքի, հասկնան թէ առաքինութեան առաջին քայլը համեստանալու մէջ է, եւ թէ ժողովուրդին իսկական ծառայութիւնը կը կայանայ առաւելագոյն - թէկուզ ոչ բացարձակ - ԻՍԿԱԿԱՆ համերաշխութիւն կայացնելուն մէջ։

Պիտի գտնուի ՞ն ձեր մէջ ոմանք որոնք խեղթեն իրենց կոկորդներէն դուրս ժայթքող ատելութիւնը, սպառնալիքները, այն ատելութիւնն ու պոռոտախօսութիւնը որ իբր թէ յանուն ճշմարտութեան կամ յանուն արդարութեան կը կատարուի, սակայն այն ինչը որ օրէ օր ազգը ի սպառ կը քանդէ։ 

Պիտի գտնուի ՞ն ձեր մէջ իսկական քաջեր որոնք կամրջեն փոխանակ այպանելու, մօտեցնեն փոխանակ հեռացնելու, ամոքեն փոխանակ վիշտը խորացնելու։

Մէջս օրէ օր կատարեալ զզուանք է արդէն իւրաքանչիւր հայու հանդէպ, որ յանուն իբր թէ աւելի բարձր արժէքներու, կամ յանուն առաքինութիւններու, ազգի հաւաքականը կ՚ոտնակոխէ, մեր մէջի մարդկայինը կը սպաննէ։

Իսկ եթէ այս տողերը կարդալով, հարց կու տաք թէ արդէօք անոնք ուղղուած են այսօրուան իշխանութիւններու ՞ն թէ ընդդիմութեանը, ապա ուրեմն անոնք ուղղուած են նախ եւ առաջ ձեզի՝ որպէսզի կարողանաք դուք ձեր մէջ ուժն ու խիզախութիւնը գտնել հասկնալու համար թէ մեր ազգը եւ հայրենիքը ամէն բանէ առաջ եւ աւելի՝ պէտք ունի հաշտութեան ԻՆՔԸ ԻՐ ՀԵՏ։

Ոչ ոք այլեւս թող համարձակի քարոզել, ստել,  կամ ճառերով համոզել թէ իսկական հաշտութիւնը, համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը սկիզբ կ՚առնեն ազգակիցներ ատելով, ընկերներ հալածելով, «սեւ վհուկներ» որսալով:

Ոչ ոք այլեւս թող մեզ ու մեր ազգի զաւակները այնքան անարգէ, մեզ համոզելով թէ յանուն փրկութեան պէտք է մէկ այլ հայ ատել կամ մերժել։

Այսօրուան ԻՍԿԱԿԱՆ մերժելիները պէտք է ըլլան նոյն մերժումի քարոզիչները ամէն կողմ, վերէն վար՝ անոնք ըլլան փողկապ կապած թէ վեղար հագուած։ Իսկական մերժելիներն ու դաւաճանները անոնք են որոնք յանուն փրկութեան, մէկ ուրիշ հայը նզովեալ կամ դաւաճան կը համարեն։

Այսօրուան ԻՍԿԱԿԱՆ հերոսները, ազգի ԻՍԿԱԿԱՆ փրկիչները պէտք է փնտռել այն մարդոց մէջ, որոնք գուցէ միամտաբար բայց յամառօրէն, եւ գուցէ վերջին ճիգով մը, կը փորձեն իրար հանդէպ թշնամանքով լեցուած հայեր իրենց ատելութիւնէն պարպել ու միմիանց հանդէպ հանդուրժողականութեամբ լեցնել։

ԻՍԿԱԿԱՆ հերոսն ու բաղձալին, իշխանութեան թէ գովքի իսկական արժանին, այն հայն է որ առաջինը պիտի ըլլայ իր ազգակիցին ձեռք երկարելուն մէջ։