Այսօր` Մայիս 4-ի առաւօտէն սկսեալ կրկին Երեւանի մէջ սկսած են անհնազանդութեան գործողութիւնները, փակուած են շարք մը փողոցներ: Մասնաւորապէս, փակուած է Քիեւեան կամուրջը, Բաղրամեան-Օրպելի խաչմերուկը:
Քիեւեան կամուրջը փակուած է պեթոնախառնիչ, բեռնատար մեքենաներով: Քիչ անց այդտեղ եկած են սեւ ու կարմիր պերեթներով ոստիկաններ, որոնք անմիջապէս սկսան բերման ենթարկել գործողութեան մասնակիցները: