image
Հրատապ լուրեր:

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. այցելեց Եագուպիէի Լատինաց եկեղեցիները

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. այցելեց Եագուպիէի Լատինաց եկեղեցիները

Օրերս հովուական այցով Իտլիպի Եագուպիէ գիւղ գտնուող Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան այցելած է Քնէյէի լատինաց Ս. Յովսէփ եկեղեցին, ուր  ծանօթացած է եկեղեցւոյ պատմականին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Շաբաթ, 30 Օգոստոս 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Եագուպիէի մէջ իր հովուական այցելութեան ընթացքին, հոգեւորականաց դասուն եւ Եագուպիէի թաղականութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Քնէյէի լատինաց Ս. Յովսէփ եկեղեցին, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ղուկաս Մեսրոպին կողմէ եւ ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմականին։

Կիրակի, 31 Օգոստոս 2025-ին, Սրբազան Հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Եագուպիէի լատինաց Ս. Աստուածածնայ Անարատ Յղութեան եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթի կողմէ եւ իրազեկ դարձաւ եկեղեցւոյ բաժիններուն եւ պատմականին։

Սրբազան Հայրը զոյգ եկեղեցիներուն մէջ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած։