Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալած է Լաթաքիոյ մէջ գործող Եագուպիէի Հայրենակցական Եղբայրակցութեան Վարչութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Շաբաթ, 1 Նոյեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Լաթաքիոյ մէջ գործող Եագուպիէի Հայրենակցական Եղբայրակցութեան Վարչութիւնը։
Վարչութեան անդամները զեկուցեցին իրենց տարած աշխատանքներուն մասին եւ այցելութեան առիթով յուշանուէր մը նուիրեցին Սրբազան Հօր։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց վարչութեան անդամներուն տարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ ծրագիրներուն։