image
Հրատապ լուրեր:

Տեղի ունեցած թէժ բախումներէն ետք Փաքիստան յայտարարեց Աֆղանիստանի դէմ ընթացք առած ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին

Տեղի ունեցած թէժ բախումներէն ետք Փաքիստան յայտարարեց Աֆղանիստանի դէմ ընթացք առած ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին

Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է Փաքիստանի դէմ ռազմական գործողութեան աւարտին մասին, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

Ուրբաթ գիշեր Աֆղանիստանի զինուած ուժերը յայտարարած էր, որ ի պատասխան Փաքիստանի կողմէ կատարուած ռմբակոծութիւններու՝ լայնածաւալ յարձակողական ռազմական գործողութիւններ սկսած է փաքիստանեան ուժերու կեդրոններու եւ կառոյցներունդէմ՝ երկիրները սահմանազատող Տիւրանտի գիծի երկայնքով։

«Կէսգիշերին, Իսլամական Էմիրութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի ուղղակի հրամանով, ռազմական գործողութիւնը յաջողութեամբ աւարտած է», նշուած է պաշտպանական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ։

Կը նշուի, որ Աֆղանիստան գիշերը վճռական հարուածներ հասցուցած է՝ պատասխանելով աֆղանական տարածքի դէմ փաքիստանեան ռազմական վարչակարգի հանդուգն յարձակման, որու հետեւանքով անմեղ կիներ եւ երեխաներ զոհուած են։

«Ուղիղ ժամը 20։00-ին մեր ուժերը հարուած հասցուցած են փաքիստանեան ռազմական յենակէտերուն Տիւրանտի գիծին երկայնքով՝ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան նահանգներու մէջ, ներառեալ Փաքթիքա, Փաքթիա, Խոսթ, Նանկարհար, Քունար եւ Նուրիսթան», յստակեցուած է յայտարարութեան մէջ։

Աֆղանական ռազմական գերատեսչութեան տուեալներով՝ իրականացուած գործողութեան հետեւանքով հակառակորդի կորուստները կազմած են 55 սպաննուած։ Գրաւուած են երկու ռազմակայան եւ 19 ռազմական յենակէտ։ Նաեւ կը նշուի, որ չորս անցակէտ լքուած է թշնամիին կողմէ, որ խուճապահար փախուստի դիմած է։

Առգրաւուած են տասնեակ միաւոր թեթեւ եւ ծանր սպառազինութիւն, զինամթերքի եւ ռազմական հանդերձանքի մեծ պահեստ։ Ոչնչացուած է թշնամիի մէկ հրասայլ, իսկ մէկ մեծ ռազմական փոխադրամիջոց զաւթուած է։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ փաքիստանցի զինծառայողներու քանի մը դիակներ փոխադրուած են Աֆղանիստան, հակառակորդի քանի մը զինուորներ գերեվարուած են ողջ վիճակով, իսկ շատեր փախուստի դիմած են։

Կը նշուի, որ աֆղանական կողմն ալ կորուստներ կրած է․ ութ զինուոր զոհուած է, 13-ը վիրաւորուած։ Բացի այդ, Աֆղանիստանի 13 խաղաղ բնակիչներ, ներառեալ կիներ եւ երեխաներ, տուժած են Նանկարհարի մէջ փախստականներու ճամբարին ուղղուած հակառակորդի հրթիռակոծութեան հետեւանքով։

Պաշտպանութեան նախարարութեան հրամանատարութիւնը նշած է, որ բոլոր գործնական նպատակները իրականացուած են ճշգրտութեամբ եւ քաջութեամբ։ Գերատեսչութիւնը շեշտած է, որ աֆղանական տարածքի որեւէ խախտում պիտի արժանանայ կրակի, պողպատի եւ վրէժխնդրութեան։