image

Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Մովսէս Ֆաքճեանին (Լուսանկար)

  Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Մովսէս Ֆաքճեանին (Լուսանկար)

Օրերս  տեղեկացանք,թէ երեւանաբնակ մեր հայրենակից Մովսէս Ֆաքճեան ունենալով առողջական խնդիրներ շուրջ մէկ ամիս  մնացած է հիւանդանոցը՝ բժիշկներու խնամքին տակ։

Մէկ ամսուան դժուարութիւններէ ետք, ուրախալի է անշուշտ, որ ան լիարժէք առողջութեամբ դուրս եկած է հիւանդանոցէն եւ ներկայիս ալ կը հետեւի բժիշկներու խորհուրդներուն։

Ամբողջական ապաքինում կը յայտնենք  «Արեւելք»ի թանկագին բարեկամին յոյս ունենալով, որ  ան արագօրէն կը վերադառնայ իր բնականոն հունին։

Արմատներով Հալէպէն Մովսէս Ֆաքճեանի անունին ծանօթ են մեծ թիւով սուրիահայեր։ Ան վարպետ ոսկերիչ մ՚ըլլալու կողքին հայ թատրոնի մեծ սիրահար է ու նոյն առումով ալ տարած է բազմապիսի գործունէութիւններ, թէ իբրեւ դերասան, թէ ալ Հալէպի Համազգայինի թատերական միաւորի վարչական։