image
Հրատապ լուրեր:

Բարձր կը գնահատեմ ձեր համբերատարութիւնը. Փաշինեան հանդիպեցաւ տուն դարձած գերիներու ծնողներուն

Բարձր կը գնահատեմ ձեր համբերատարութիւնը. Փաշինեան հանդիպեցաւ տուն դարձած  գերիներու ծնողներուն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ երէկ հանդիպում ունեցած է օրերս Հայաստան վերադարձած շիրակցի գերիներու հարազատներու հետ, յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։

Կառավարութեան ղեկավարն իր խօսքին մէջ նշած է, որ այս երեք տարիներու ընթացքին ամէն հնարաւոր բան կատարուած է գերիներու վերադարձի համար: «Չնայած պարզ է, որ բոլորս էլ անհամբեր էինք օր առաջ տեսնել նրանց վերադարձը, բայց շնորհակալութիւն եմ յայտնում ձեզ համբերատարութեան համար, որովհետեւ դա շատ կարեւոր էր: Մարդկայնօրէն շատ բարձր եմ գնահատում ձեր համբերատարութիւնը»,-ըսած է վարչապետը եւ աւելցուցած, որ ամէն բան պէտք է ընել, որ մեր եղբայրները վերադառնան բնականոն կեանքի:

Գերիներու հարազատները շնորհակալական խօսքեր յղած են վարչապետին եւ կառավարութեան գործադրած ջանքերու համար: