Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Քոչունցը չի կարծեր, որ բանակը քաղաքականացուած պիտի դառնայ, եթէ Գլխաւոր շտապի պետը դառնայ պաշտպանութեան փոխնախարարը: Այս մասին այսօր` Մարտ 5-ին, ըսաւ ան` պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք մտավախութիւն չկա՞յ, որ եթէ Գլխաւոր շտապի պետը դառնայ պաշտպանութեան փոխնախարարը, ապա բանակը կը քաղաքականացուի
«Բանակը քաղաքականացուած չի եղել եւ չի էլ լինի», ըսաւ ան:
Հարցին, թէ հնարաւոր կը համարէ՞ իր նշանակումը Գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնին, Կամօ Քոչունցը չպատասխանեց. «Լաւ մնացէք, շնորհակալութիւն»:
Նշենք, որ այսօր` Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրը, Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան ղեկավար կազմը այցելած էր Եռաբլուր, ծաղիկներ խոնարհած Վազգէն Սարգսեանի շիրիմին:
Վազգէն Սարգսեան այսօր պիտի դառնար 63 տարեկան: