Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այցելած է Պաշտպանութեան նախարարութիւն՝ գերատեսչութեան 2023թ. գործունէութեան հաշուետւութիւնը քննարկելու նպատակով:
Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը եւ նախարարի տեղակալները ներկայացուցած են իրենց համակարգման ոլորտներու մէջ իրականացուած աշխատանքները, առաջնահերթութիւններն ու գերակայութիւնները՝ անդրադառնալով նաեւ գերատեսչութեան կողմէ իրականացուած բարեփոխումներուն եւ ձեռնարկուած քայլերուն։
Մասնաւորապէս՝ անդրադարձ կատարուած է ճարտարապետական եւ ամրաշինական կառոյցներու կահաւորման, զօրանոցաշինութեան, նորագոյն սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու համալրման, զօրքերու մարտունակութեան եւ կարգապահութեան ամրապնդման, զինանձնակազմի մարտական պատրաստութեան որակի բարձրացման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն։
Ներկայացուած են կառավարութեան որոշմամբ ներդրուած ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։ Այս պարունակին մէջ, հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է տարեսկիզբին մեկնարկած զինծառայողներու վերապատրաստման գործընթացին, «Պաշտպան հայրենեաց» ծրագրի շահառուներու վիճակագրական տուեալներուն, 18-27 տարեկան իգական սեռի ներկայացուցիչներու կամաւոր հիմունքներով պարտադիր ժամկէտային ծառայութեան շրջածիրէն ներս կատարուած աշխատանքներուն, յատուկ նշանակութեան նոր ստորաբաժանումներու կազմաւորման եւ համալրման գործընթացին, հաշուետու ժամանակահատուածի մէջ իրականացուած ընկերային, ռազմակրթական, միջազգային ռազմական համագործակցութեան ծրագրերուն, յառաջիկայ ընելիքներուն եւ պաշտպանական բնագաւառին առնչուող շարք մը այլ թեմաներու:
Անդրադարձ կատարուած է Զինուած ուժերու մէջ առկայ խնդիրներուն, ոչ կանոնադրական յարաբերութիւններու կանխարգելման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն: Այս ծիրէն ներս վարչապետը պատասխանատուներուն տուած է յստակ յանձնարարականներ եւ ընդգծած կարգապահութեան բարձրացմանն ուղղուած միջոցառումներու շարունակական ու հետեւողական իրականացման անհրաժեշտութիւնը: