image

Բանակի զինուոր մը զոհուած է

Բանակի  զինուոր մը զոհուած է

Ապրիլ 28-ին` ժամը 19:20-ի սահմաններուն, նախնական տուեալներով` համածառայակիցի կողմէ արձակուած կրակոցեն հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Սամուէլ Սեդրակի Սանոյեանը (ծն. 2002թ.):

Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ հիւանդանոց տեղափոխելու ճանապարհին շարքային Սանոյեանը մահացած է:

Կը կատարուի քննութիւն` դէպքին հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար: