image

Բանակցութիւնները կը շարունակուին, հետեւաբար ճիշդ չենք գտներ մանրամասներ յայտնելը. Բալայեան՝ ԵԱՀԿ գրասենեակի փակման մասին

Բանակցութիւնները կը շարունակուին, հետեւաբար ճիշդ չենք գտներ մանրամասներ յայտնելը. Բալայեան՝ ԵԱՀԿ գրասենեակի փակման մասին

Հայաստան կը սատարէ ԵԱՀԿ Երեւանի գրասենեակի գործունէութեան եւ վերջինիս մշտապէս աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ-ի կողմէ ընդունուող համապատասխան որոշումներուն: Այս մասին «Արմէնբրէս»ին յայտնած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան`  մեկնաբանելով ԵԱՀԿ Երեւանի գրասենեակին փակման մասին խօսակցութիւնները:

«Յատկանշական է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից Պաքուում ԵԱՀԿ գրասենեակի փակումից յետոյ, Երեւանի գրասենեակը հանդիսանում է Հարաւային Կովկասում ԵԱՀԿ միակ լիարժէք ներկայութիւնը: Երեւանի գրասենեակի դերը արժեւորւում է նաեւ ինչպէս ԵԱՀԿ նախագահութեան, քարտուղարութեան, կազմակերպութեան այլ մարմինների, այնպէս էլ մասնակից երկրների բացարձակ մեծամասնութեան կողմից, բացառութեամբ մէկի»,- յայտնած է Բալայեան: 

Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ կը գործէ հանրաքուէի սկզբունքով եւ հակառակ  նման լայն աջակցութեան, այս պահի դրութեամբ հնարաւոր չէ եղած համաձայնութեան յանգիլ Երեւանեան գրասենեակի երկարաձգման որոշման շուրջ:

«Ներկայում ԵԱՀԿ աւստրիական նախագահութիւնը շարունակում է որոշման նախագծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնները եւ Հայաստանը, որպէս գրասենեակը հիւրընկալող երկիր, մաս է կազմում այդ խորհրդակցութիւններին: Քանի որ բանակցութիւնները շարունակւում են, այս պահի դրութեամբ, նպատակայարմար չենք համարում խորհրդակցութիւնների մանրամասների ներկայացումը»,- ըսած է ան: