image

Բանակցութիւնները կը կատարուին ուղղակիօրէն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ. Մոսկուա լուռ է

Բանակցութիւնները կը կատարուին ուղղակիօրէն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ. Մոսկուա լուռ է

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար՝ Միխայիլ Կալուզին չէ մեկնաբանած, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ ինչպէս կ'առաջարկուի լուծել Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։

«Կը ցանկամ ընդգծել, որ խաղաղութեան պայմանագրի քննարկումը կ'իրականացուի անմիջապէս Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ»,- «ՌԻԱ»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է ան։

Արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է, որ Մոսկուան միայն օգնութիւն կը ցուցաբերէ կողմերուն, ինչպէս արձանագրուած է Սոչիի եռակողմ յայտարարութեան մէջ։

«Նման զգայուն թեմայի շուրջ բանակցութիւնները բացառապէս գաղտնի են, մենք իրաւունք չունինք մեկնաբանելու անոնց բովանդակութիւնը, այդ շարքին՝ ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ, այդ միայն կը վնասէ գործին»,- ըսած է ան։