Լիբանանի Ազունիէի Ազգային բուժարանի պատսպարեալները ունեցան յիշատակելի օր մը Այնճարի «Արեւ» ճաշարանէն ներս։
Վարչութեան հրաւէրով ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ՝ պրն. Վարդգէս Խօշեանը, Պեքաաի հոգեւոր տեսուչ՝ Հայր Անանիա Ծայրագոյն վարդապետ Գուճանեանը, Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ` Վերապատուելի Յակոբ Ագպաշարեանն ու տիկին Նանօրը:
Ընկերային հարազատ մթնոլորտի աւարտին, պատսպարեալները ստացան յիշատակի նուէրներ։
Լուրը եւ լուսանկարները՝ Ազունիէի Ազգային բուժարանի վարչութեան

