image

ԱԺ յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է զինծառայութեան ժամկէտի կրճատման մասին օրինագիծին

ԱԺ յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է զինծառայութեան ժամկէտի կրճատման մասին օրինագիծին

Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է պարտադիր զինուորական ծառայութեան ժամկէտը 18 ամիս դարձնելու վերաբերեալ՝ կառավարութեան ներկայացուցած օրէնքի նախագիծին:

Հիմնական զեկուցող պաշտպանութեան նախարար Սուրէն պապիկեանը ներկայացուցած է, որ 2 տարուան փոխարէն 1 ու կէս տարի պիտի ծառայեն 2026-ի յունուար 1-էն ետք պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչուող քաղաքացիները։

«‎2025-ի ձմեռային զօրակոչի շրջանակներում զինուած ուժերի համալրումը սկսուելու է 2026-ի յունուարի 7-ից, որի արդիւնքում 18-ամսեայ ժամկէտով ծառայութիւն են իրականացնելու 2025-ի ձմեռային զօրակոչից սկսած պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչուած քաղաքացիները»,- ներկայացուցած է պաշտպանութեան նախարարը։

Պապիկեանի խօսքով՝ ծառայութեան ժամկէտի կրճատումը պիտի չբարձրացուի 2026-ի յունուար 1-ի դրութեամբ պարտադիր զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող զինծառայողներու վրայ։

«Շարքային կազմի պարտադիր զինուորական ծառայութեան ժամկէտի կրճատումը հնարաւոր է դարձել վերջին տարիներին պայմանագրային զինուորական ծառայութեան գրաւչութեան աւելացման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ կատարուած եւ շարունակական աշխատանքների շնորհիւ»,-ըսած է Պապիկեանը։

Կառավարութիւնն Ազգային ժողովին կ՚առաջարկէ օրէնքի նախագիծի ընդունումը համարել անյետաձգելի։