ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ուքրանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով յստակեցում պիտի ըլլայ առաջիկայ երկու շաբաթուան ընթացքին։ Այս մասին ան ըսած է լրագրող Թոտ Սթարնըսի հետ զրոյցի ընթացքին։
Ան բացատրած է, որ երկու շաբաթ անց Ուաշինկթըն պիտի որոշէ հետագայ քաղաքականութիւնը՝ չբացառելով մօտեցման փոփոխութիւնը այս հարցին նկատմամբ։
«Շուտով պիտի գիտնանք։ Ես պիտի ըսէի, որ երկու շաբաթուան մէջ այս կամ այն կերպ պիտի հասկնանք։ Ատկէ ետք մենք, թերեւս, ստիպուած ըլլանք այլ մօտեցում ցոյց տալ»,– ըսած է ան։
Օգոստոսի սկիզբը Թրամփ հրաժարած էր գնահատել Ուկրանիոյ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար համաձայնագրի կնքման ժամկէտները։ Ան բացատրած էր, որ չուզեր խօսիլ այն մասին, թէ արդեօք պայմանաւորուածութիւնը մօտ է, քանի որ նախապէս հիասթափուած է։ Սակայն, օգոստոս 15-ին Ալասքայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք Սպիտակ Տան ղեկավարը յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը կրնայ աւարտիլ համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ։