Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թեկնածու առաջադրած են Վայոց Ձորի նախկին մարզպետ, Լեհաստանի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան, ՀՀ սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էդգար Ղազարեանը։
Տեղեկութիւնը յայտնած է Ազգային Ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, անկուսակցական Թագուհի Թովմասեանը։
«Այսպիսով` այս պահի դրութեամբ Ազգային Ժողովի մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերի մշտական յանձնաժողովը պաշտօնապէս ստացել է մէկ թեկնածուի առաջադրման վերաբերեալ համապատասխան փաստաթղթեր, որոնք առնչւում են բացառապէս Էդգար Ղազարեանին։ Իսկ Անահիտ Մանասեանի վերաբերեալ քաղաքական յայտարարութիւնները դեռ իրաւական որեւէ գործողութեան չեն վերածուել, եւ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը մինչ այս պահը Ազգային Ժողովի մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերի մշտական յանձնաժողովին որեւէ թեկնածու չի առաջադրել»,– գրած է դիմատետրեան էջին:
Նշենք, որ Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին պիտի առաջադրէ Հայաստանի գլխաւոր դատախազի տեղակալ Անահիտ Մանասեանի թեկնածութիւնը։
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնը թափուր է 2023 թուականի 23 յունուարէն, երբ հրաժարական ներկայացուց Քրիսթիննէ Գրիգորեանը։