image

Այսօր Ուաշինկթընի մէջ պիտի կայանայ Պլինքըն-Պայրամով հանդիպում - գլխաւոր

Այսօր Ուաշինկթընի մէջ պիտի կայանայ Պլինքըն-Պայրամով հանդիպում - գլխաւոր

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այսօր Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս մասին գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Հանդիպում նախատեսուած է նաեւ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:

Ըստ որոշ լրատուամիջոցներու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները կրնան տեւել քանի մը օր։

Յայտնի է, որ այցի ընթացքին կը նախատեսուի կ'այացնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի շուրջ բանակցութիւններու հերթական փուլը:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը ապրիլ 30-էն աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ուաշինկթըն։