Թուրքիա- Այսօր երեկոյեան (Թուրքիոյ ժամով ժամը 20:00–ին ) Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հրանդ Տինք Միջազգային Մրցանակ»ի գլխաւոր հանդիսութիւնը: Նշենք, որ սոյն մրցանակը տնօրինուած է եւ կը գործէ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ եւ կը տրուի աշխարհով մէկ խաղաղութեան հաստատման համար կարեւոր ներդրում ունեցած լրագրողներու եւ մտաւորականներու: Յայտնենք, որ մրցանակը պիտի կայացուի Պոլսոյ «Համագումարներու հանդիասրահ»էն ներս: