image

Այսօր Կը Լրանայ Աբօ Աշճեանի Առեւանգման 33–րդ Տարելիցը. Ո՞վ Էր Ան

Այսօր Կը Լրանայ  Աբօ  Աշճեանի  Առեւանգման 33–րդ  Տարելիցը. Ո՞վ  Էր Ան

33   Տարի առաջ   այս օրը՝   29  Դեկտեմբեր     1982-ին   կ'առեւանգուէր  Հ.Յ.Դ. Լիբանանի   մարմնի պատասխանատուներէն  Աբօ Աշճեանը:   Առեւանգման դէպքը  տեղի կ'ունենար պատասխանատուի տան`    Պէյրութի Էշրէֆիյէ շրջանին մէջ եղող բնակարանին  մօտ:    Ապահովական տարբեր պատասխանատու դիրքեր զբաղեցնող Դաշնակցական գործիչին   առեւանգումը   ցնցիչ  էր       Լիբանանահայ   բոլոր հատուածներուն համար: Աբօ  Աշճեան, որ եղբայրն էր   Պուրճ Համուտ   հայահոծ  շրջանի   երբեմնի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանին կարողացած էր   կարճ ժամանակի մը ընթացքին ձեռք բերել   ոչ միայն, իր կուսակից ընկերներուն եւ գաղափարակիցներուն յարգանքը, այլ իր  անձնուէր կերպարով յաջողած էր դառնալ  բոլորին յարգանքը   վայելող   անձնաւորութիւն: Պարզութեան, խոնարհութեան,  նուիրուածութեան  եւ գաղափարական մարդու ամէնէն բոցավառ  անհատականութեան կերպարն էր    Աշճեան,  որ իր  գաղափարակից             ընկերներուն հետ միասին  կը յաջողէր  ապահովել հայկական թաղամասերու անվտանգութիւնը: Անոր  առեւանգումը    կը պատահէր  հանգրուանի մը, երբ լիբանանահայութիւնը  ամէնէն կարիքն ունէր իր որակի գործիչներու:  Ու   հակառակ իր  անդարմանելի կորուստին,  հայկական թաղամասերը  մնացին  անդրդուելի եւ   շնորհիւ  Աբօ Աշճեանի  զինակից ընկերներուն,    կարելի եղաւ   հայագաղութը  հեռու պահել ծանրագոյն կորուստներէ:   Աբօ Աշճեան  իր տեսակով եւ  ներկայութեամբ     դարձաւ  սերունդներու  իրական  ներշնչարան ու  ցայսօր ալ, իրեն  սերնդակից ընկերներ   ամէն առիթի  բարձրաձայն կը խօսին անոր ունակութիւններուն  եւ նուիրական   բարձր ոգիին մասին: